2016ին Հռոմի Պապը Հայաստան պիտի այցելէ

By Asbarez | Tuesday, 14 April 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - 14 Ապրիլին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի տնօրէն Յովակիմ եպս. Մանուկեան լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ամփոփած է 12 Ապրիլին Վատիկանի մէջ Ֆրանսիս պապին կողմէ Ս. պատարագի մատուցման պատմական փաստը, որ նուիրուած էր 100 տարի առաջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին:

Ան տեղեկացուցած է, որ Հռոմի պապը 2016ին պիտի այցելէ Հայաստան։ Անոր համաձայն՝ սխալ է այն տեղեկատուութիւնը, թէ Հռոմի պապը հրաւիրած են Հայաստան՝ Ապրիլ 24ին ներկայ գտնուելու 100ամեակի նախաձեռնութիւններուն: <<Հայ Առաքելական եկեղեցին Հռոմի պապին հրաւիրել է՝ նրան յարմար պահի գալ Հայաստան>>, հաստատած է սրբազանը:

Յովակիմ եպիսկոպոս նաեւ աւելցուցած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման նախաձեռնութիւններուն մասնակցելու նպատակով Հայաստան պիտի ացելեն եկեղեցական 38 պատուիրակութիւններ, 7 եկեղեցւոյ պետեր, արքեպիսկոպոսներ, Ս. Փեթերսպուրկի հոգեւոր պետը, Լոնտոնի եպիսկոպոսը, որ նաեւ Բրիտանիոյ արքայական ընտանիքի հոգեւոր սպասաւորն է եւ այդ ընտանիքին անունով խօսք պիտի ուղղէ հայ ժողովուրդին։

Նշենք, որ Վատիկանի Ս. Մարթա եկեղեցւոյ մէջ Ապրիլ 14ին Ֆրանսիս պապը ըստ Վատիկանի ձայնասփիւռին, վերահաստատած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Կիրակի օր իր արտասանած խօսքը՝ եւ նշած. <<Եկեղեցին անկեղծութեան վայր է, ուր մարդիկ պէտք է ազնուօրէն խօսին: Մենք չենք կրնար լռել այն բոլոր բաներուն մասին, զորս տեսած եւ լսած ենք>>:

 


comments