The Jerusalem Post. «Իսրայէլ պէտք է հետեւի Պապի օրինակին եւ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»

By Asbarez | Tuesday, 14 April 2015

ԹԵԼ ԱՒԻՒ - Իսրայէլական The Jerusalem Post պարբերականը յօդուած մը հրապարկած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, ուր կոչ կ՛ընէ Իսրայէլի կառավարութեան ճանչնալու զայն ճիշտ այնպէս, ինչպէս Վատիկանի մէջ սուրբ պատարագի ժամանակ ըրաւ Հռոմի Ֆրանսիս պապը:

«Ապրիլ 24ին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի յարգանքի օրուան ընդառաջ Իսրայէլ պետութիւնը պէտք է հետեւի Պապի օրինակին եւ հայերու ծրագրուած ջարդերը ճանչնայ այնպէս, ինչպէս անոնք կան` այսինքն ցեղասպանութիւն»,- կը գրէ պարբերականը:

Պարբերականը մանրամասն անդրադարձ կատարած է 100 տարի առաջ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իշխանութիւններուն կողմէ հայ բնակչութեան բնաջնջման: Ըստ պարբերականին` կան քանի մը հիմնաւոր պատճառներ, որոնցմէ մեկնած Իսրայէլը պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Պարբերականի դիտարկումով` Իսրայէլ որպէս պետութիւն իր գերիշխանութեամբ կայացած է նաեւ շնորհիւ այն բանի, որ միջազգային հանրութիւնը ճանչցած եւ դատապարտած է Հոլոքոսթը, հետեւաբար Իսրայէլ պէտք է իր քաղաքական օրինականութիւնը օգտագործէ ցեղասպանութիւնները կանխելու համար:

<<Որպէս կրօնական փոքրամասնութիւն, որ կ՛ապրի առաւելապէս մահմետականներով բնակեցուած Միջին Արեւելքի մէջ, հրեայ ժողովուրդը կը հանդիսանայ տարածաշրջանի քրիստոնեաներու բնական դաշնակիցը: Հայոց Ցեղասպանութիւնը վտանգաւոր յիշեցումն է այն իրողութեան, որուն կը բախին հրեաները, քրիստոնեաները եւ այլ կրօնական փոքրամասնութիւններ, որոնք կ՛ապրին աշխարհի այս հատուածին մէջ: Ապագայ ցեղասպանութիւններու հաւանականութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ աւելի մեծ է, քան որեւէ այլ տեղ: Հռոմի պապը հրապարակայնօրէն ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, հետեւաբար այժմ Իսրայէլի կարգն է>>, կը գրէ պարբերականը:


comments