Գերմանիոյ նախագահն ու վարչապետը պիտի չմասնակցին Կալիփոլիի 100ամեակի տօնակատարութիւններուն

By Asbarez | Thursday, 16 April 2015



ՊԵՐԼԻՆ,- Գերմանիոյ նախագահ Եոահիմ Կաուկ եւ վարչապետ Անկելա Մերքելը պիտի չմասնակցին Թուրքիոյ մէջ Տարտանելի (Չանաքքալէ, Կալիփոլի) ռազմական գործողութիւններու 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն:

Թրքական ընդդիմադիր <> թերթի կայքը կը գրէ, որ նախագահ Գաուկը իր նախապատուութիւնը տուած է հայերուն: Ան Պերլինի մէջ պիտի մասնակցի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած պատարագին եւ հանդէս պիտի գայ ելոյթով:

<<Հետաքիքրական է` արդեօք նախագահը 1915 թուականը բնորոշելու համար պիտի արտաբերէ՞ <<ցեղասպանութիւն>> բառը>>, կը տարակուսի <>-ը` աւելցնելով, որ Կաուկ Գերմանիոյ առաջին նախագահը պիտի ըլլայ, որ մասնակցած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկի մը:

Կը նշուի նաեւ, որ վարչապետ Անկելա Մերքել զբաղուածութեան պատճառով պիտի չմեկնի Թուրքիա:

Երեւանի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն պիտի մասնակցի Գերմանիոյ Եւրոմիութեան հարցերով նախարար Մայքըլ Ռոթը:

 

 


comments

Advertisement