Տաւութօղլուի Հայ խորհրդականը պաշտօնանկ եղած է

By Asbarez | Thursday, 16 April 2015




ԱՆԳԱՐԱ - Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեդ Տաւութօղլուի գլխաւոր խորհրդական Էթյէն Մահճուպեան հեռացուած է իր պաշտօնէն:

Վկայակոչելով թրքական <<Հուրրիէթ>> թերթը՝ Artsakhpress.am կը հաղորդէ, թէ Մահճուպեանի աշխատանքէ հեռացուելուն իբրեւ պատճառ նշուած է անոր տարիքը։

Թերթը նաեւ կը նշէ, թէ Մահճուպեան աշխատանքէ հեռացուած էր Մարտ 9ին, այսինքն, երբ ան 1915ին տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն կոչած էր, արդէն Տաւութօղլուի խորհրդականը չէր:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ վարչապետի հայ խորհրդականը Հռոմի պապի մատուցած պատարագէն ետք յայտարարած էր, որ սխալ պիտի ըլլար Ափրիկէի եւ Պոսնիայի մէջ տեղի ունեցածը անուանել ցեղասպանութիւն, իսկ հայերու հետ տեղի ունեցածը` ոչ: Մահճուպեան կարծիք յայտնած էր, որ զարմանալին այն չէ, որ Հռոմի Պապը հիմա կ՝ըսէ ցեղասպանութիւն, այլ զարմանալին այն է, որ ինչպէս այսքան տարի չէ ըսած:

Յիշեցնենք, որ Մահճուպեանը, որ հեռացուցած են տարիքի անհամապատասխանութեան պատճառով, Տաւութօղլուի խորհրդականի պաշտօնին նշանակուած էր ընդամէնը ամիսներ առաջ` 2014 թուականի Հոկտեմբերին:

comments

Advertisement