Չիլիի խորհրդարանը եւ Չեխիոյ խորհրդարանական յանձնախումբը կը ճանչնան Ցեղասպանութիւնը

By Asbarez | Wednesday, 15 April 2015

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>>.- Ապրիլ 14ին, Չիլիի խորհրդարանը վաւերացուցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը, դատապարտելով մարդկութեան դէմ գործադրուած այդ ոճիրը։ Բանաձեւը վաւերացուած է՝ 77 թեր 1 դէմ եւ 3 ձեռնպահ քուէներով։

Նշենք, որ Չիլիի Ծերակոյտը Յունիս 5, 2007ին միաձայնութեամբ վաւերացուցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը։

Նաեւ, Ապրիլ 14ին, Չեխիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած բանաձեւ մը: Վկայակոչելով ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին կողմէ Դեկտեմբեր 9, 1948ի <<Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատիժի>> մասին ուխտը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու օրէնսդիր ու գործադիր մարմիններու, ինչպէս նաեւ՝ միջազգային կազմակերպութիւններու որոշումները, բանաձեւը կը դատապարտէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը:

 

comments

Advertisement