Էրտողան դարձեալ կը խօսի Հայաստանցիները արտաքսելու մասին

By Asbarez | Wednesday, 15 April 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> -  Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան կրկին օրակարգի բերած է Թուրքիա ապրող հայաստանցիներու հարցը, պնդելով, թէ Անգարա կրնայ արտաքսել զանոնք, սակայն նման քայլի մը չէ դիմած:

Թրքական <<Ռատիքալ>> թերթին համաձայն՝ Ղազախստան մեկնելէ առաջ, Էրտողան պնդած է, թէ Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներու նկատմամբ որեւէ բացասական վերաբերմունք չկայ ու ապա կատարած է նշեալ անուղղակի սպառնալիքը եւ յիշած է, որ Աղթամարի եկեղեցին պետական գումարներով վերանորոգուած է:

Ան դարձալ անկարեւոր նկատած է Եւրախորհրդարանի կողմէ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ որեւէ բանաձեւ։

 

comments