Արամ Ա.ի հանդիպումները Վատիկանի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ

By Asbarez | Wednesday, 15 April 2015

 

 

Վատիկան կատարած իր կարճատեւ այցելութեան վերջին օրը՝ Երկուշաբթի, 13 Ապրիլին, Արամ Ա. կաթողիկոս յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի բարձրաստիճան կարտինալներուն հետ:

Առաջին հերթին, վեհափառը իր իջեւանած Վատիկանի հիւրանոցին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարտինալ Բարոլինիի հետ, Կիպրոսի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի ներկայութեան: Հանդիպման ընթացքին, կաթողիկոսը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց կարտինալին՝ Ցեղասպանութեան գծով Ֆրանսիս պապին կատարած յայտարարութեան համար: Այս ուղղութեամբ կարտինալ Բարոլինի կարեւոր դեր կատարած էր, որպէս Վատիկանի արտաքին քաղաքականութեան վերին պատասխանատուն: Հայրապետին եւ կարտինալին հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկումի նիւթ դարձաւ Լիբանանի նախագահի ընտրութեան հարցը: Կարտինալը յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն իր անձնական ներկայացուցիչը պիտի ղրկէ Լիբանան, որպէսզի աւելի մօտէն զբաղի յիշեալ հարցով:

Ապա, կաթողիկոսը այցելեց Վատիկանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց կեդրոնատեղին եւ ընդունուեցաւ անոր նախագահին՝ կարտինալ Քօխին եւ անոր օգնականներուն կողմէ: Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին, վեհափառը ընդհանուր գիծերով պարզեց միջ-եկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ երեւոյթները, իր դրական ու բացասական երեսներով՝ միաժամանակ ներկաներուն հետ բաժնելով իր անձնական տեսակէտները: Ապա, վեհափառը պատասխանեց իրեն ուղղուած շարք մը հարցումներուն:

Երրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Արեւելէան կաթողիկէ եկեղեցիներու բաժանմունքի նախագահ կարտինալ Սանտրիի հետ: Հանդիպման ներկայ էին նոյն բաժանմունքի բոլոր պատասխանատուները: Քննարկումի նիւթ դարձան Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

Կաթողիկոսի կողքին վերոյիշեալ հանդիպումներուն ներկայ եղան նաեւ Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Կիպրոսի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Նախքան Վատիկանէն մեկնիլը, վեհափառը շարք մը հարցազրոյցներ ունեցաւ Վատիկանի եւ Իտալիոյ մամլոյ ներկայացուցիչներու հետ:

 


comments