ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդը վաւերացուց Եմէնի շուրջ ծոցի երկիրներուն բանաձեւը

By Asbarez | Wednesday, 15 April 2015


ՄԱԿ, <<Ռոյթըրզ>> -  Երեքշաբթի, Ապրիլ 14ին, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը 14 թեր եւ 1 ձեռնպահ քուէներով վաւերացուց Եմէնի շուրջ Ծոցի արաբական երկիրներուն ներկայացուցած բանաձեւը, որ կ՛արգիլէ Եմէնի հուսիներու <<Անսարուլլահ>> շարժումին եւ նախկին նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի ուժերուն զէնքի մատակարարումը:

Ռուսիա ձեռնպահ մնաց՝ առարկելով, որ իր առաջարկները նկատի չեն առնուած։

<<Անսարուլլահ>> շարժումը դատապարտեց որոշումը, նշելով, որ նման քայլեր կը քաջալերեն երկիրին դէմ գործադրուող բռնարարքները։

Միւս կողմէ, <<Սի.Էն.Էն.>> կը հաղորդէ, որ ըստ կայանի տեղեկութեանց, Միացեալ Նահանգներ պիտի ընդարձակէ Եմէնի մէջ հուսիներու դէմ պայքարող սէուտական ղեկավարութեամբ դաշնակից ուժերուն իրենց աջակցութիւնը՝ թիրախները ճշդելով, նաւեր խուզարկելով եւ դէպի Եմէն իրանեան զէնքերու ուղարկումը արգելակելով:

 


comments

Advertisement