Հոլանտի Ապրիլ 24ի Երեւան ացելութիւնը կը հաստատուի

By Asbarez | Wednesday, 15 April 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> -  Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Ռոմեն Նատալ Ապրիլ 15ին յայտարարեց, թէ նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ պիտի մասնակցի Ապրիլ 24ին, Երեւանի մէջ կայանալիք Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն:

<<Հանրապետութեան նախագահը Ապրիլ 24ին պիտի մեկնի Երեւան, որպէսզի իր յարգանքի տուրքը մատուցէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին>>, ըսած է Նատալ, նշելով, որ յիշատակի ձեռնարկներ կը կազմակերպուին նաեւ Ֆրանսայի տարածքին՝ մշակութային կազմակերպութիւններու եւ տեղական իշխանութիւններու կողմէ:


 


comments

Advertisement