Եւրոխորհրդարանը Ապրիլ 24ը հռչակեց Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր

By Asbarez | Wednesday, 15 April 2015



ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>>.- Եւրոխորհրդարանը Ապրիլ 15ի իր լիագումար նիստին ընթացքին, <<Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակ>> նիւթով քննարկումներէն ետք միաձայնութեամբ վաւերացուց <<Ապրիլ 24ը Եւրոպական Միութեան մէջ Ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակելու մասին>> բանաձեւը:

Բանաձեւի նախագիծի քննարկման ընթացքին շարք մը պատգամաւորները կոչ ըրին Թուրքիոյ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Այս փաստաթուղթով, Եւրոխորհրդարանը՝ >>Եղբայրութեան, համերաշխութեան եւ արդարութեան եւրոպական արժէքներու ոգիով, կը միանայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակման<<:

Եւրոխորհրդարանը նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք նպաստած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, կ՛առաջարկէ Ցեղասպանութեան յիշատակի համաեւրոպական մէկ օր սահմանել, <<անգամ մը եւս ընդգծելու աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու եւ բոլոր պետութիւններու խաղաղ եւ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքը>>:

Եւրոխորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող որոշում ընդունած էր 2005ի Սեպտեմբեր 28ին, իսկ 1987ի Յունիս 18ին. նոյն կառոյցի ընդունած բանաձեւին մէջ մասնաւորապէս նշուած էր, թէ Եւրոխորհրդարանը 1915-1917 թուականներուն, Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնները կ՛ընդունի, որ ցեղասպանութիւն են, ըստ ՄԱԿի սահմանումին:

 

 


comments