Պասքերու խորհրդարանը վաւերացուցած է Ցեղասպանութիւնը դատապարտող յայտարարութիւն

By Asbarez | Friday, 17 April 2015



ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմետիա>> - Սպանիոյ ինքնավար մարզերէն մէկը հանդիսացող Պասքերու Երկիրի խորհրդարանը Ապրիլ 16ին վաւերացուցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող յայտարարութիւն մը, կը հաղորդէ Սպանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանատունը:

Յայտարարութիւնը կը նշէ, որ, համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն, Օսմանեան կայսրութեան մէջ սպանդի ու տեղահանութեան ենթարկուած է աւելի քան 1.5 միլիոն հայ, եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան պատմութեան ամենահրէշային ցեղասպանութիւններէն մէկն է:

Պասքերու խորհրդարանի անդամները նաեւ նշած են, որ հակառակ միջազգային հանրութեան կոչերուն՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ ուրանալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Միանալով միջազգային հանրութեան, Պասքերու խորհրդարանը կոչ ըրած է Թուրքիոյ, որ անյապաղ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

comments

Advertisement