Գերմանիոյ նախագահն ու վարչապետը պիտի չմասնակցին Կալիփոլիի ձեռնարկին

By Asbarez | Thursday, 16 April 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Եռագոյն>>.- Գերմանիոյ նախագահ Եոաքիմ Կաուք եւ վարչապետ Անկելա Մերքել պիտի չմասնակցին Թուրքիոյ մէջ Կալիփոլի ռազմական գործողութիւններու 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն, հաղորդած է թրքական <<Զաման>> թերթը, որ նշած է, թէ նախագահ Կաուք իր նախապատուութիւնը տուած է հայերուն: Ան Պերլինի մէջ պիտի մասնակցի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած պատարագին եւ հանդէս պիտի գայ ելոյթով:

<<Հետաքրքրական է. արդեօք նախագահը 1915 թուականը բնորոշելու համար պիտի արտաբերէ՞ <<ցեղասպանութիւն>> բառը>>, հարց կու տայ <<Զաման>>, աւելցնելով, որ Կաուք Գերմանիոյ առաջին նախագահն է, որ պիտի մասնակցի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկին:

Կը նշուի նաեւ, որ վարչապետ Մերքել <<գերզբաղուածութեան>> պատճառով պիտի չմեկնի Թուրքիա, իսկ Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Ապրիլ 24ին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով յատուկ նիստ պիտի գումարուի:

Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն պիտի մասնակցի Գերմանիոյ Եւրոմիութեան հարցերով նախարար Մայքըլ Ռոթ:


 

comments

Advertisement