Անգարա կը դատապարտէ Եւրոխորհրդարանի որոշումը

By Asbarez | Thursday, 16 April 2015

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, Ցեղասպանութեան մասին Եւրոխորհրդարանի վաւերացուցած որոշումէն ետք Թուրքիա կայծակնային արագութեամբ հակազդութիւն ցոյց տուաւ, յայտարարելով, որ որոշումը արժէք մը չունի Թուրքիոյ եւ թուրք ժողովուրդի համար։ Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Եւրոխորհրդարանը, իր ընդունած այս նոր որոշումով, կրկնեց այն սխալը, զոր ըրած էր 1987ին, չարաշահելով իր գործունէութեան դաշտը։ <<Եւրոպական այս կառոյցը, որ միշտ կը ջանայ խոչընդոտներ ստեղծել Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն մէջ, դարձեալ կը ցանկայ պատմութիւն գրել 1915ի դէպքերու առնչութեամբ։ Այս բաղձանքը իր եզրակացութիւնը գտած էր Ապրիլ 15, 2015 թուակիր ծիծաղելի որոշման մը մէջ>>, կը նշուի նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Կը շեշտուի նաեւ, որ Թուրքիա լուրջի պիտի չառնէ այս որոշումը, որ <<կը սպաննէ>> պատմութիւնն ու իրաւական դաշտը։ Յիշեցում կայ նաեւ այն մասին որ Եւրոխորհրդարանի նոր կազմը ընտրուած է 2014ի ընտրութիւններու արդիւնքով, ընդամէնը 42 տոկոս մասնակցութեամբ, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ այս կառոյցը ինչպիսի՞ տեղ ունի Եւրոմիութեան քաղաքական մշակոյթին մէջ։ <<Մենք յաջողութիւն կը մաղթենք այն երեսփոխաններուն, որոնք զօրակցեցան այս որոշման։ Մեզի համար գաղտնիք չէ, որ անոնք որեւէ առընչութիւն չունին եւրոպական արժէքներուն հետ եւ կը սնանին թշնամութեան եւ ատելութեան մշակոյթով։ Ընդունուած միակողմանի որոշումը վնաս պիտի պատճառէ ո՛չ միայն Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն, այլ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան հաշտութեան գործընթացին>>, կը շեշտուի հաղորդագրութեան մէջ։

Նման խիստ լեզուով յայտարարութիւն մը եկաւ նաեւ Եւրոմիութեան հարցերով գլխաւոր բանագնաց, պետական նախարար Վոլքան Պոզքըրէն, որ ըսաւ, թէ Եւրոխորհրդարանի եւ եւրոպական երկիրներու խորհրդարաններու պարտականութիւնը չէ պատմութիւն գրել ու լաւ կ՛ըլլայ, որ օրէնսդիր այդ կառոյցները փորձեն իրական եւ մնայուն լուծումներ գտնել ներկայիս Եւրոպայի մէջ ցցուած բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն։ <<Եւրոխորհրդարանը իր այս որոշումով ցոյց տուաւ, որ խտրական կեցուածք ունի անցեալին մէջ ապրուած ցաւերու նկատմամբ։ Թուրք ժողովուրդի եւ իսլամ այլ ժողովուրդներու իրաւունքները անտեսուած են եւ միայն հայերու ցաւերը մէջտեղ քշուած են>>, յայտարարեց ան։

 

comments