Ցեղասպանութիւնը հաստատած Մահճուպեանը պաշտօնանկ եղած է

By Asbarez | Thursday, 16 April 2015

 

 

ՊՈԼԻՍ - Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի գլխաւոր խորհրդական Էթյէն Մահճուպեան հեռացուած է իր պաշտօնէն:

Վկայակոչելով թրքական «<<Հուրրիյէ>>չ թերթը՝ <<Artsakhpress.am>> կը հաղորդէ, թէ Մահճուպեանի աշխատանքէ հեռացուելուն իբրեւ պատճառ կը նշուի անոր տարիքը:

Թերթը կը նշէ, թէ 65 տարիքը ամբողջացուցած Մահճուպեան աշխատանքէ հեռացուած էր Մարտ 9ին, այսինքն, երբ ան 1915ին տեղի ունեցածը Ցեղասպանութիւն կոչած էր, արդէն Տաւութօղլուի պաշտօնական խորհրդականը չէր:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ վարչապետի հայ խորհրդականը Հռոմի պապի մատուցած պատարագէն ետք եւս յայտարարած էր, որ սխալ պիտի ըլլար Ափրիկէի եւ Պոսնիոյ մէջ տեղի ունեցածը անուանել ցեղասպանութիւն, իսկ հայերու հետ տեղի ունեցածը՝ ոչ:

Յիշեցնենք, որ Մահճուպեան, զոր հեռացուցած են տարիքի անհամապատասխանութեան պատճառով, Տաւութօղլուի խորհրդականի պաշտօնին նշանակուած էր 2014ի Հոկտեմբերին:

Ան յայտնած է, թէ անպաշտօն կերպով կը շարունակէ խորհուրդներ տալ վարչապետին։

 

comments

Advertisement