Նեւատա նահանգի օրէնսդիր մարմինը ճանչցած է ցեղասպանութիւնը

By Asbarez | Thursday, 16 April 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Եռագոյն>> - Նեւատա նահանգի խորհրդարանի երկու պալատները Ապրիլ 14ին ընդունած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչող բանաձեւ մը:

Բանաձեւին մէջ կ՛արձանագրուի՝ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը իբրեւ պատմական եղելութիւն եւ կ՛ընդգծուի զայն դատապարտելու անհրաժեշտութիւնը, կը գրէ «Արմէնփրէս»՝ յղում կատարելելով Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանին:

Նահանգի խորհրդարանականները նաեւ կոչ կ՛ուղղեն Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին, հետեւելու իրենց օրինակին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, փաստերը կոչելու իրենց անուններով: «Մենք այսօր կ՛անդրադառնանք դէպքերու, որոնք տեղի ունեցած են 100 տարի առաջ այս օրերուն աշխարհի մէկ այլ անկիւնը: Քանի մը օրէն կը լրանայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը: 1915ին թրքական կառավարութիւնը ուժ եւ բռնութիւն գործադրելով տնազրկեց հայերը, մէկ մասը ձերբակալեց, մէկ մասն ալ ուղարկեց անապատ, դատապարտելով անխուսափելի մահուան: Այդ բոլորին հետեւանքով նահատակուեցաւ 1.5 միլիոն հայ», ըսած է նահանգային խորհրդարանի անդամ Ճէյմզ Օսքարսոն:

 

Ան շեշտած է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը նաեւ ամերիկեան պատմութեան մէկ մասն է, պատմական ակնարկով ներկայացնելով նախկին նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի յանձնարարութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին ստեղծման եւ գործունէութեան պատմութիւնը:

Նեւատայի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդան Պարսումեան կարծիք յայտնած է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն պէտք է ճանչցուի այլ ընդգրկուի նահանգի կրթական ծրագիրին մէջ:

<<Ասիկա աշխատանք մըն է, որ կը տարուի տարբեր մասնաճիւղերու կողմէ: Նեւատայի հայ համայնքը Հայ Դատի յանձնախումբի հետ կ՛աշխատի, որպէսզի կարենանք ասիկա իրականացնել>>, ըսած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գօրծադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան:

Նշենք, որ այս տարուան Ապրիլ 1ին Նեւատայի նահանգապետը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առնչութեամբ հռչակագիր ստորագրած էր, Ապրիլ 19-26 շաբաթը Նեւատայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի շաբաթ հռչակելով:

 


comments

Advertisement