Բրիտանիքա հանրագիտարանը «կոտորածներ»-ը փոխարինած է «ցեղասպանութիւն»-ով

By Asbarez | Thursday, 16 April 2015





ԼՈՆՏՈՆ, <<Փանորամա>> - Հանրայայտ <<Encyclopedia Britannica>> հանրագիտարանը խմբագրած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ յօդուածը` <<Armenian massacres>>-ը (<<հայերու կոտորածներ>>-ը) փոխարինելով <<Armenian Genocide>> (<<Հայոց Ցեղասպանութիւն>>) վերնագիրով:

Յօդուածին մէջ մասնաւորապէս կ՛ըսուի. <<Հայոց ցեղասպանութիւնը օսմանեան կայսրութեան մէջ Երիտթուրքերու կառավարութեան կողմէ Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն (1914-1918թթ.) հայերու դէմ դաժան արշաւ էր: Հարիւր հազարաւոր մարդոց սպանութիւնը գիտնականներու եւ կառավարութիւններու թէժ քննարկումներու առարկայ դարձած է: Հայերը կը նշեն, որ արշաւը հայ ժողովուրդը ոչնչացնելու կանխամտածուած փորձ էր, այսինքն` ցեղասպանութիւն: Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը դիմադրէ եւ կը հրաժարի ճանչնալէ զայն որպէս այդպիսին` պնդելով, որ թէեւ վայրագութիւնները տեղի ունեցած են, բայց հայերու դէմ` որպէս խումբի, բնաջնջման պաշտօնական քաղաքականութիւն չէ եղած>>:

<<Բրիտանիքա հանրագիտարանը>> ներկայիս հրատարակուող համապարփակ հանրագիտարաններէն հնագոյնն է. տպագրուած է 1768–71-ին, Էտինպուրկի մէջ: Նախապէս եղած են դէպքեր, երբ Հայաստանի վերաբերեալ նիւթերը հանրագիտարանին մէջ աղաւաղուած ներկայացուած են:

 

comments

Advertisement