Ասատ Հալէպի զինադադարի ծրագիրը ձախողութեան մատնելու յանցանքով կ՛ամբաստանէ Թուրքիան

By Asbarez | Friday, 17 April 2015

 

 

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, <<Ա.Էֆ.Փէ.>>.- Ուրբաթ, Ապրիլ 17ին լոյս տեսած հարցազրոյցի մը մէջ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Հալէպի մէջ ժամանակաւոր զինադադար մը հաստատելու ՄԱԿի ծրագիրը ձախողութեան մատնելու յանցանքով ամբաստանեց Թուրքիան։

Շուէտական <<Էքսփրեսըն>> թերթին հետ կատարուած հարցազրոյցին մէջ, Ասատ նշած է, թէ յստակ փաստեր կան, որ Անգարա ճնշում բանեցուցած է Հալէպի մէջ պետական ուժերուն դէմ կռուող իսլամ ծայրայեղական զինեալներու հրամանատարներուն վրայ, որ մերժեն ՄԱԿի ներկայացուցած զինադադարի ծրագիրը։ Ան նաեւ կրկնած է, թէ Թուրքիա կը շարունակէ աջակցիլ իսլամ ծայրայեղական ուժերուն եւ կը վերահսկէ անոնց գործողութիւններուն։


 


comments

Advertisement