By Asbarez | Friday, 17 April 2015
ՊՈԼԻՍ, ԵՐԵՒԱՆ, <<Մարմարա>>, <<Արմէնփրէս>> - Եւրոխորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ընդունուած բանաձեւը կը շարունակէ դատապարտումի եւ քննադատութիւններու ալիք բարձրացնել Թուրքիոյ քաղաքական շրջանակներէն ներս, Ապրիլ 24ի հարիւրամեակի սեմին, աւելիով բորբոքելով կիրքերը։
Խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեքի ստորագրութեամբ, Ապրիլ 16ին հրապարակուեցաւ դատապարտումի գրաւոր մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որուն տակ իրենց ստորագրութիւնները դրին նաեւ քաղաքական գլխաւոր կուսակցութիւններու, բայց քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութիւնը չմիացաւ անոնց։
Աւելին, այդ կուսակցութեան պատգամաւոր Ֆայսալ Սարըելտըզ իր աջակցութիւնը յայտնած է Եւրոխորհրդարանի բանաձեւին, նշելով. <<Նոյնիսկ եթէ ուշ ըլլայ, կամ նպատակները այլ ըլլան, միեւնոյնն է, մենք այս բանաձեւը ճիշդ ու տեղին կը համարենք: Անհրաժեշտ է, որ Թուրքիա եւս զայն ընդունի: Եթէ Թուրքիա նպատակ ունի փոխուելու, դառնալու ժամանակակից երկիր, ապա պէտք է բացայայտ կերպով ընդունի այս որոշումը: Փախուստ տալով անկէ, այս կոտորածը չես կրնար անտեսել։ Թուրքիան իր պատմութեան ընթացքին շատ ցեղասպանութիւններ է գործած է: Անկասկած, Թուրքիոյ հանրապետութեան շուրջ 100 տարուան անցեալին մէջ շատ ցաւեր, մեծ ցեղասպանութիւններ եւ կոտորածներ կան: Ապրիլ 24ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը անոնցմէ միայն մէկն է>>:
Խորհրդարանի յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Եւրոխորհրդարանը անգամ մը եւս ցոյց տուած է իր կողմնակալ կեցուածքը, Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն ապրուած ողբերգական իրադարձութիւններուն մէջէն միայն հայերու ցաւերը օրակարգի բերելով ու անտարբեր մնալով միւս ժողովուրդներու ցաւերու նկատմամբ։ <<Միայն հայերու ցաւերը աստուածացնելու կոչուած այս անվայել որոշումը անընդունելի է եւ ո՛չ մէկ արժէք ունի Թուրքիոյ համար>>, շեշտուած է յայտարարութեան մէջ։ Դիտել կը տրուի նաեւ, որ Եւրոխորհրդարանը ինքզինք պատմաբաններու եւ միջազգային ատեաններու տեղ դնելով, կը փորձէ պատմութիւն գրել. ցեղասպանութեան նման շատ լուրջ յանցանքի մը մասին վճիռ արձակելով, <<ուստի սաստկութեամբ կը դատապարտենք այս խտրական որոշումը>>։
Իր կարգին, քրտամէտ կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ, քննադատելով Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Թուրքիոյ վարած մերժողական քաղաքականութիւնը, իր աջակցութիւնը յայտնած է Ֆրանսիս պապին, որ Ապրիլ 12ին վերահաստատած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը: <<Հասարակութեան պէտք է բացատրել, թէ ինչպէս պէտք առերեսուի հայկական իրականութեան հետ: Այդ մէկը պետութեան գործն է: Հռոմի պապին դէմ յայտարարութիւններով խնդիրը չի լուծուիր>>, ըսած է ան:
–Ֆայսալ Սարըելտըզ
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ