By Asbarez | Monday, 20 April 2015
ՔԵՍԱՊ, <<Հորիզոն>> - Արաբական շարք մը լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ Ապրիլ 18ին ծայրայեղական իսլամական <<Ժապհաթ Ալ Նուսրա>> կազմակերպութեան կողմէ Քեսապի վրայ կատարուած է յարձակում, որ սակայն ետ մղուած է սուրիական բանակին կողմէ։
Վերոնշեալ լրատուութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար, Քանատայի մեր գործընկեր <<Հորիզոն>> կապ հաստատեց <<Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմնի>> Քեսապի գործադիր պատասխանատու Կարօ Մանճիկեանի հետ, որ հաստատեց, թէ յարձակում իսկապէս կատարուած է, սակայն բախումները տեղի ունեցած են Քեսապի վարչական անմիջական տարածքէն դուրս՝ Քեսապի մօտակայ Րապիա շրջանին մէջ։
Ըստ Մամճիկեանի, անցնող 10 օրերուն սուրիական բանակը ոչ միայն ետ մղած է <<Ժապհաթ Ալ Նուսրա>>ի կողմէ շղթայազերծուած ՚չորս յաջորդական յարձակումները, այլեւ՝ հակայարձակումի անցնելով գրաւած է ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող թիւ 803 եւ թիւ 767 բարձունքները։ Բախումներու ընթացքին սպաննուած է <<Ժապհաթ Ալ Նուսրա>>ի ղեկավարներէն Նիզար Թուրքմէն։
Կարօ Մանճիկեան նաեւ յայտնեց, որ Քեսապի բնակչութեան 80-90 տոկոսը վերադարձած են իրենց բնակավայրը եւ կը պատրաստուին ամառնային բերքահաւաքին
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ