«Իսլամական Պետութիւն»ը Ամերիկեան հովանաւորութեամբ կազմուած է. Ասատ

By Asbarez | Tuesday, 21 April 2015

 

ՓԱՐԻԶ, <<Սի.Էն.Էս. Նիուզ>> - Երկուշաբթի, Ապրիլ 20ին, Ֆրանսայի պատկերասփիւռի երկրորդ կայանին հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտարարած է, թէ իր կառավարութիւնը տապալելու համար պայքարող ահաբեկչական <<Իսլամական պետութիւն>> կազմակերպութիւնը Իրաքի մէջ սկսած է կազմուելու 2006ին, ամերիկեան հովանաւորութեան ներքեւ։


Ան այս հաստատումը կատարած է պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ Ասատ արդեօք որեւէ դերակատարութիւն ունէ՞ր <<Իսլամական պետութեան>> կազմութեան ջանքերուն մէջ, որպէսզի աւելի ուշ ինքզինք ներկայացնէ իբրեւ այդ կազմակերպութեան դէմ վահան մը։

<<Իրաքը իմ հակակշռիս տակ չէր, այլ ամերիկացիներուն եւ <<Իսլամական պետութիւն>>ը Իրաքէն Սուրիա եկաւ>>, պատասխանած է Ասատ։

 


comments

Advertisement