Պուլկարիոյ խորհրդարանը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

By Asbarez | Monday, 27 April 2015

Պոյքու Պորիսով

ՍՈՖԻԱ, <<Էյ.Փի.>> -  Ապրիլ 24ին, Պուլկարիոյ խորհրդարանը 157 թեր եւ 36 դէմ քուէներով որդեգրեց բանաձեւ մը՝ նշելով, որ Պուլկարիա <<կը ճանչնայ 1915-1922 տարիներուն, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած հայ ժողովուրդին ցեղասպանութիւնը>>, ինչպէս նաեւ Ապրիլ 24ը նշանակեց հայերու <<զոհերու յիշատակը յարգելու օր>>:

Պուլկարիոյ վարչապետ Պոյքու Պորիսով խորհրդարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց. <<Պէտք է ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը>>, որուն ենթարկուեցան հայերը՝ յոյս յայտնելով, որ <<թրքական պետութիւնը նկատի ունենայ օսմանեան իշխանութեան եւ արդի Թուրքիոյ միջեւ մեր կատարած տարբերակումը>>:

<<Պատմութիւնը պատմութիւն է եւ զոհերը՝ զոհեր, իսկ այդ օրը (Ապրիլ 24ին) պէտք է յարգուի անոնց յիշատակը>>, ըսաւ Պորիսով:
<<Երկիր Մեդիա>> կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս գծով բացատրութիւն տալու հրաւիրած է Անգարայի մօտ Պուլկարիոյ դեասպան Կրասիմիր Տուլեցկինը։

Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ փաստաթուղթին վաւերացման համար պատասխանատու կը նկատէ Պուլկարիոյ <<ծայրայեղ ազգայնական, այլատեաց եւ ցեղամոլ>> <<Աթաքա>> կուսակցութիւնը:

 


comments

Advertisement