By Asbarez | Monday, 27 April 2015
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ - Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29ին, կ.ե. ժամը 1ին, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ գտնուող Ազգային մամլոյ ակումբի <<Լիսակոր>> սրահին մէջ մամլոյ ասուլիս մը տեղի պիտի ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ Սիսի կաթողիկոսարանին վերադարձը պահանջող դատին մանրամասնութեանց նուիրուած։ Թղթածրարը, որ իր վերջնական ձեւը ստացած է, պիտի ներկայացուի Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան։
Մամլոյ ասուլիսին պիտի մասնակցին Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չոլոյեան, իրաւական գլխաւոր խորհրդական եւ Լա Հէյի ատեանի մօտ ՄԱԿի նախկին դատախազ Փայամ Ախավան, թրքական օրէնքներու գծով խորհրդական Ճեմ Սոֆուօղլու, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան խորհրդական Թենի Փիրի Սիմոնեան եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։
Փայամ Ախավան կը յայտնէ, թէ դատը ցոյց պիտի տայ, թէ Անգարայի իշխանութիւնները, որքանով կը յարգեն քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց իրաւունքները, աւելցնելով, թէ դատին նպատակն է անցեալի վէրքերը դարմանել արդար քայլով մը, միաժամանակ նպաստել՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութեանց բնականոնացման։
Սիսի կաթողիկոսարանն ու անոր կից գտնուող վանքն ու եկեղեցին բռնագրաւուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ