Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դատ բացաւ Թուրքիոյ սահմանադրական դատարանին մօտ

By Asbarez | Tuesday, 28 April 2015

 

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի դիւանը կը հաղորդէ, թէ Երեքշաբթի Ապրիլ 28ին, կաթողիկոսութիւնը դատ բացած է Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ՝ պահանջելով Սիսի իր պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը:

Քաղաքական պայմաններու հետեւանքով, կաթողիկոսութիւնը Կիլիկիոյ զանազան շրջաններու մէջ հաստատուելէ ետք, 1295ին իր կայքը հաստատած էր Կիլիկիոյ թագաւորութեան մայրաքաղաք Սիսի մէջ: 1921ին Օսմանեան թուրք կառավարութիւնը երկու օրուան պայմանաժամ տուաւ Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսին վերջնականապէս հեռանալու կաթողիկոսարանէն: Սահակ կաթողիկոս այն բոլորը, զորս, որպէս կրօնական, կրնար իր հետ առնել՝ մշակութային թանկագին գանձեր (ձեռագիր, հնատիպ, ծիսական սպասներ, ներառկալ միւռոնի կաթսան), իր փոքրաթիւ միաբանութեամբ, բռնեց գաղթի ճամբան: Վեհափառը յաջորդաբար հաստատուեցաւ Երուսաղէմ, Հալէպ, Դամասկոս, Կիպրոս եւ 1930ին՝ Անթիլիաս:

,,Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով ու մեր ազգային պահանջատիրութեան աւելի գործնական արտայայտութիւն տալու հեռանկարով, Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամներուն մէջ յաճախակի կերպով յիշեցուց հատուցման վրայ շեշտը դնելու հրամայականը: Այս շրջագիծէն ներս Սիսի կաթողիկոսարանի եւ ապա ազգապատկան ու եկեղեցապատկան կալուածներու վերադարձը կրնայ կարեւոր քայլ մը դառնալ՝ մեր ժողովուրդի կալուածներուն վերադարձը եւ բռնաբարուած իրաւունքներու վերականգնումին առաջնորդող: Ահա այս հաւատքով ու յանձնառութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը որոշեց դատ բանալ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ: Անցնող երկու տարիներուն ընթացքին, յիշեալ դատի պատրաստութեան աշխատանքին լծուած էր թրքական ու միջազգային դատավարական օրէնքներու մասնագէտներէ բաղկացած յանձնախումբ մը՝ վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ: Ապրիլ 29ին Ուաշինկթընի մէջ եւ յառաջիկային Ժընեւի մէջ մամլոյ ասուլիսներ պիտի կազմակերպուին մեր պահանջքը օտար շրջանակներուն ու միջազգային համայնքին ծանօթացնելու համար: Այս ուղղութեամբ նաեւ վեհափառ հայրապետը անհրաժեշտ բացատրութիւնները պիտի տայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն>>, նշուած է կաթողիկոսարանի դիւանին յղած հաղորդագրութեան մէջ:

 

comments

Advertisement