Էրտողանի գլխաւորած նիստը քննարկած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը

By Asbarez | Thursday, 30 April 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ Ապրիլ 29ին տեղի ունեցած ազգային ապահովութեան խորհուրդի նիստին քննարկուած է այլախոհ կրօնական Ապտուլլահ Կիւլենի <<ընդյատակեայ պետութեան>> եւ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող հարցերը: Ըստ T24ի՝ 7 ժամ տեւած նիստին ընթացքին Կիւլենի գլխաւորած շարժումը պաշտօնապէս յայտարարուած է երկիրի թշնամի եւ մտած է ազգային ապահովութեան <<գաղտնի>> փաստաթուղթ նկատուող <<Կարմիր գրքի>> մէջ:

Քննարկուած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը, որուն ընթացքին երկրի քաղաքական եւ զինուիրական վերնախաւը ի մի բերող խորհուրդի անդամները յայտնած են, թէ տարբեր երկիրներու կողմէ վաւերացուած Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ որոշումները <<քաղաքական են եւ կապ չունին պատմութեան հետ>> ու Թուրքիա պիտի անտեսէ զանոնք:


 


comments