Պելճիքայի խորհրդարանին ներկայացուած է Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացող նախագիծ

By Asbarez | Friday, 01 May 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Պելճիքայի դաշնակցային խորհրդարանի Ժողովրդավար դաշնակցային ֆրանսախօսներ խմբակցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման համար պատիժ նախատեսող օրինագիծի նախագիծ ներկայացուցած է:

Պեճիքական <<La Libre>> թերթը նշած է, թէ ներկայացուածը կ՛առնչուի 1995ին վաւերացուած ցեղասպանութիւններու հերքումը քրէականացնող օրէնքի ընդարձակման, որուն շնորհիւ օրէնքը պիտի տարածուի նաեւ հայերու եւ Ռուանտացիներու նկատմամբ իրականացուած, ինչպէս նաեւ դատական կարգով միջազգայնօրէն ճանչցուած այլ ցեղասպանութիւններու վրայ:

Նշենք, որ Պելճիքայի Ծերակոյտը 1998ին ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ կոչ ըրած է Թուրքիոյ՝ ընդունելու իր անցեալը։

 

comments

Advertisement