Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանը Ցեղասպանութեան բանաձեւ պիտի քննարկէ Մայիս 5ին

By Asbarez | Friday, 01 May 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>>.- Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ նախագիծը պիտի քննարկէ Մայիս 5ին, <<Թուիթըր>>ի իր էջին վրայ գրած է Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանի պատգամաւոր Լորան Մոզար, կը հաղորդէ <<Նուվել տ՛Արմէնի>>ն:

Լիւքսեմպուրկի Քրիստոնեայ ընկերվարական ժողովրդական կուսակցութիւնը ներկայացուցած է բանաձեւի նախագիծ, որով կ՛առաջարկուի 1915ի հայոց կոտորածները նկատել ցեղասպանութիւն՝ հետեւելով Ֆրանսայի խորհրդարանի եւ Եւրոխորհրդարանի օրինակներուն:

Լորան Մոզար ըսած է, որ նախագիծին մէջ կը նշուի, որ 1915ին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու նկատմամբ կատարուած բարբարոսութիւններն ու ոճիրները՝ <<ցեղասպանութիւն են>>:


 


comments

Advertisement