Ընկերվար Երիտասարդները Երեւանի մէջ կը փնտռեն անհաւասարութեան դէմ պայքարի ուղիներ

By Asbarez | Saturday, 09 May 2015

0509Socialist Yerid

 

ԵՐԵՒԱՆ -  Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան (ԸԵՄՄ) համաշխարհային խորհուրդի 8 Մայիսին սկսած ժողովին (IUSY World Council) կը մասնակցին 60 երկիրներէ 160 երիտասարդ ընկերվարականներ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի եւ Սփիւռքի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներ:


Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած եւ <<Հաւասար աշխարհ հնարաւոր է>> կարգախօսը կրող ժողովին ելոյթով հանդէս եկան Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան նախագահ Ֆելիփէ Իկնասիօ Խելտրես Քարտա, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ, Ընկերվար-միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալբանդեան, ՀՅԴ երիտասարդականը ներկայացնող Կարապետ Շադոյեան եւ այլ բարձրաստիճան հիւրեր:


Կարապետ Շադոյեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ 2015 թուականը կը զուգադիպի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ու շեշտեց, որ հայ երիտասարդութիւնը հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հատուցման պայքարին համար նոր հանգրուան թեւակոխած է, հանգրուան՝ <<որի ընթացքում մեր երիտասարդութիւնը զուգահեռաբար հետեւողական է լինելու նաեւ մեր երկրի շարունակական զարգացման ու հզօրացման գործին>>։


8 Մայիսին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ տուաւ ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան:


<<Մենք գրեթէ մէկուկէս տարի առաջ դիմում էինք ներկայացրել, որպէսզի 2015թ. այս ժողովը հիւրընկալենք Հայաստանում: Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի կապակցութեամբ Երեւանում մեկնարկող ժողովին ներկայ երիտասարդ մասնակիցները ներկայացնում են տարբեր մայրցամաքներում գործող սոցիալիստական կամ ընկերվարական ուղղութիւն ունեցող կուսակցութիւնների երիտասարդական թեւերը>>, ըսաւ Սարգիս Մկրտչեան:


Ըստ անոր՝ այս ժողովին ընթացքին մասնաւորապէս պիտի քննարկուի երիտասարդութեան դերը՝ հաւասար աշխարհ կերտելու իմաստով: <<Մի քանի երկիր՝ օրինակ պաղեստինցիները, ուկրաինացիները, արեւմտեան սահարացիները, այս տարի ժողովին ներկայացնելու են իրենց յուզող հարցերի վերաբերեալ բանաձեւեր: Հայաստանն իր հերթին ընդունման է ներկայացնելու ներկայացնելու Հայոց Ցեղասպանութեան կապակցութեամբ բանաձեւ>>, յայտնեց ան եւ աւելցուց. <<Կազմակերպութիւնը 2004 եւ 2007թթ. ընդունել էր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Հրանտ Տինքի սպանութեան հետ կապուած բանաձեւեր: Սակայն այս տարի մեր ներկայացրած բանաձեւը կրում է պահանջատիրական սկզբունքներ>>։


ԸԵՄՄի նախագահ Ֆելիփէ Իկնասիօ Խելտրես իր կարգին յայտնեց, որ երկու տարին անգամ մը տեղի ունեցող ժողովին այս տարուան քննարկման հիմնական թեմաները պիտի ըլլան համաշխարհային զարգացումն ու անհաւասարրութեան դէմ պայքարը, մարդու իրաւունքներն ու պատմութեան կարեւորութիւնը՝ ի դէմս Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւին, զոր հայկական կողմը պիտի ներկայացնէ քննարկման։


Ֆելիփէ Իկնասիօ Խելտրես նաեւ տեղեկացուց, որ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ Թուրքիան ներկայացնող կազմակերպութիւնը՝ տեղեակ ըլլալով ժողովի նիւթին եւ հայկական կողմէ բարձրացուելիք բանաձեւին մասին, հրաժարած է մասնակցիլ այս տարուան ժողովին։


9 Մայիսին հիւրերը այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք պիտի մատուցեն Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին:

 


comments

Advertisement