Տաւութօղլու Սուրիա կ՛այցելէ

By Asbarez | Tuesday, 12 May 2015

 

0512davut tomb

ՊՈԼԻՍ - Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու Ալեքսանտրեթի մէջ ընտրական հաւաքի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Թուրքիա <<Սուրիոյ հետ սահմանը պիտի ջնջէ, երբ սուրիացի ժողովուրդի իսկական ներկայացուցիչը յաղթանակ արձանագրէ>>:


Տաւութօղլու ըսաւ, որ Թուրքիա շրջապատուած է շարք մը երկիրներով, ուր պատերազմներ տեղի կ՛ունենան, <<ինչպէս՝ Սուրիա, Իրաք, Լիբանան, Ուքրանիա, Եգիպտոս եւ Լիպիա>>։


Թրքական <<Տողան>> լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետը Մայիս 10ին Ուրֆայի մէջ ընտրական հաւաքէ մը ետք թրքական բանակի ցամաքային ուժերու հրամանատար Հուլուսի Աքարի ընկերակցութեամբ, զրահապատ մեքենաներով եւ ուղղաթիռներու պաշտպանութեան ներքեւ, ապօրինի կերպով մուտք գործած է Սուրիա եւ այցելած սուրիական Աշմէ գիւղին մօտ եւ Թուրքիոյ սահմանէն 253 մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Սուլէյման շահի դամբարանը, ուր ամփոփուած են Օսմանեան կայսրութեան հիմնադիրին մեծ հօր աճիւնները:


Փետրուարին թրքական բանակը զինուորական գործողութիւն մը կատարելով այդ դամբարանը փոխադրած էր Թուրքիոյ սահմանէն 37 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող իր վայրէն դէպի հիւսիս, ապա դամբարանը երրորդ անգամ փոխադրուած էր Սուրիոյ մէջ, առաւել եւս հիւսիս:


Մեկնաբանելով անակնկալ այցելութիւնը, թուրք պաշտօնատարներ յայտնած են, որ դամբարանին շուրջ գտնուող հողը <<Սուրիոյ մէջ ուր որ ալ գտնուի>>, Անգարայի կը պատկանի:


1921ին, Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած համաձայնութիւն մը այդ դամբարանի սկզբնական վայրը յայտարարած էր թրքական հողամաս:


Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետը ընտրական հաւաքի մը ընթացքին հերքեց, որ Թուրքիա կը պատրաստուի սուրիական տագնապին միջամտելու, եւ այդ լուրերը <<անհիմն>> որակեց: Ան նաեւ հերքեց վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ Սուրիոյ հարցով նոր համաձայնութիւն մը գոյացած է:


Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Կիւրսել Թեքին Մայիս 7ին յայտնած էր, որ Թուրքիա քանի մը օրէն Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւն կատարելու կը պատրաստուի:


Թեքին իր աղբիւրը <<հաւաստի>> կոչած էր եւ Տաւութօղլուէն պահանջած բացատրութիւն տալ կամ հերքել լուրը:

 

comments

Advertisement