Մերքել եւ Փութին տարակարծիք կը մնան Ուքրանիոյ ցծով

By Asbarez | Tuesday, 12 May 2015

0512Merkel-Putin

 

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Մայիս 10ին ծաղկեպսակ դրին Մոսկուայի մէջ Անյայտ զինուորի գերեզմանին: Ապա անոնք Քրեմլինի մէջ ունեցան հանդիպում մը, որմէ ետք Փութին յայտնեց, որ Ուքրանիոյ խաղաղութեան համաձայնագիրը յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ: <<Կացութիւնը աւելի խաղաղ է, սակայն տակաւին հարցեր գոյութիւն ունին>>, աւելցուցած է ան:


Մերքել, իր կարգին, նշեց, որ Ռուսիոյ կողմէ Խրիմի կցումը <<մեր յարաբերութեանց մէջ լուրջ նահանջ պատճառեց, սակայն պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ պէտք է մեր կարելին ընենք տագնապները լուծելու, որքան ալ դժուար ըլլան անոնք, խաղաղ կերպով եւ երկխօսութեան ճամբով>>:

 


comments

Advertisement