Սերժ Սարգսեան ընդունած է համաշխարհային սկաուտական շարժման պատուիրակութիւնը

By Asbarez | Tuesday, 12 May 2015

0512scouts1

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր Մեդիա>>.– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 11 Մայիսին ընդունած է Համաշխարհային սկաուտական շարժման պատուիրակութիւնը՝ շարժման գլխաւոր քարտուղար Սքոթ Թիրի գլխաւորութեամբ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հայաստանի ազգային սկաուտական շարժման ներկայացուցիչները եւ Համաշխարհային կոմիտէի անդամները, որոնք 6-11 Մայիսին Հայաստանի մէջ գումարած են Համաշխարհային սկաուտական շարժման <<Եւրասիա>> տարածաշրջանի սկաուտական կոմիտէի նիստը:


Նախագահը անդրադարձած է սկաուտութեան առաքելութեան ու շարժման կատարած աշխատանքի կարեւորութեան՝ կրթուած եւ ճիշդ արժէքներ կրող, ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս առողջ սերունդներու դաստիարակութեան առումով: Ան կարեւոր նկատած է սկաուտական միջազգային եւ տարածաշրջանային կազմակերպութիւններու հետ Հայաստանի ազգային սկաուտական շարժման սերտ համագործակցութիւնն ու տարիներ շարունակ հետեւողականօրէն համահայկական եւ միջազգային նախաձեռնութիւններու կազմակերպումը, որ համագործակցութեան, փորձառութեան փոխանակման, ջերմ ու բարեկամական յարաբերութիւններու հաստատման իմաստով չափազանց կարեւոր է: Նախագահ Սարգսեան նշած է, թէ, հակառակ անոր որ 1989 թուականէն գործող Հայաստանի ազգային սկաուտական կազմակերպութիւնը 1997 թուականէն դարձած է Համաշխարհային սկաուտական շարժման լիիրաւ անդամ, այդուհանդերձ, կազմակերպութիւնը կը հանդիսանայ 1918 թուականին՝ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ժամանակաշրջանին հիմնուած Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան աւանդոյթներու կրողն ու շարունակողը:


Ողջոյնի խօսքին մէջ նախագահը անդրադարձած է Համաշխարհային սկաուտութեան նախաձեռնած <<Խաղաղութեան սուրհանդակներ>> ծրագիրին՝ շեշտելով, որ անիկա չափազանց կարեւոր է խաղաղութեան, կայունութեան եւ զարգացման ձգտող Հայաստանին համար: Նախագահը հիւրերուն ներկայացուցած է Հայաստանի կողմէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ ճամբով լուծման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը եւ ընդգծած, որ Հայաստան կարելին կ՛ընէ՝ վստահութեան ստեղծման, կառուցողական բանակցութիւններու կայացման համար:


Հանդիպման ընթացքին սկաուտական շարժման գլխաւոր քարտուղարն ու բոլոր մասնակիցները շնորհակալութիւն յայտնած են նախագահ Սերժ Սարգսեանին՝ հիւրընկալութեան եւ Հայաստանի մէջ սկաուտական շարժման նկատմամբ ցուցաբերած աջակցութեան ու մնայուն ուշադրութեան համար՝ նշելով, որ յաջորդ տարուան Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ նախատեսուած է կայացնել տարածաշրջանային համաժողով: Սկաուտական շարժման մասնակիցները յոյս յայտնած են, որ նախագահը այս նախաձեռնութեան ծիրին մէջ կը հիւրընկալուի Բիւրականի սկաուտական բանակավայրին մէջ:


comments

Advertisement