Իրան կը քննադատէ Սուրիա մուտք գործելու Տաւութօղլուի ապօրինի քայլը

By Asbarez | Wednesday, 13 May 2015

ԹԵՀՐԱՆ, <<Ֆարս>> - Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մուրտիյա Աֆխամ քննադատեց Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի՝ առանց Դամասկոսէն արտօնութիւն առնելու, Օսմանեան կայսրութեան հիմնադիրի մեծ հօր դամբարանը այցելելու պատրուակով, սուրիական հողեր մուտք գործելը՝ զայն նկատելով վտանգաւոր քայլ մը, որ շրջանի կացութիւնը աւելի կը բարդացնէ: Աֆխամ ցաւ յայտնեց, որ կարգ մը երկիրներ շրջանի զարգացումներուն եւ կացութեան շուրջ սխալ հաշիւներ կը կատարեն: Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է զգուշանալ գրգռիչ որեւէ քայլէ՝ աւելցնելով, որ պէտք է յարգել միջազգային օրէնքներն ու երկիրներու գերիշխանութիւնը, որովհետեւ ատիկա սկզբունք մըն է, որուն պէտք է յանձնառու մնան բոլոր երկիրները:


Տաւութօղլուի քայլը քննադատեց նաեւ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մքտատ, իսկ սուրիական պետական <<Սանա>> լրատու գործակալութիւնը Տաւութօղլուի այցելութիւնը նկատեց <<յստակ նախայարձակում>> մը: <<Առանց Սուրիոյ կառավարութեան արտօնութեան Տաւութօղլուի սուրիական հողամասեր ներթափանցելը ՄԱԿի անդամ գերիշխան պետութեան մը նկատմամբ յստակ նախայարձակում մըն է եւ միջազգային օրէնքի խախտում>>, գրած է <<Սանա>>՝ աւելցնելով, որ ատիկա ընտրական հաշիւներով կատարուած քայլ մըն էր:

comments

Advertisement