Նեփալը ցնցած նոր երկրաշարժները աւելի քան 80 զոհ խլեցին

By Asbarez | Thursday, 14 May 2015

_82940292_nepal_quake_12_may_624v3

ՔԱԹՄԱՆՏՈՒ, Նեփալ, <<Պի.Պի. Սի.> - Նեփալի մէջ տեղի ունեցած եւ աւելի քան 8000 զոհ պատճառած երկրաշարժէն աւելի քան երկու շաբաթ ետք՝ Մայիս 12, ուժգին երկրաշարժներ հարուածեցին արեւելեան Նեփալը: Ըստ Նեփալի կառավարութեան, երկրաշարժը առնուազն 65 զոհ եւ մօտաւորապէս 2000 վիրաւոր պատճառած է: Առնուազն 17 զոհ արձանագրուած է նաեւ Հնդկաստանի սահմանակից շրջաններուն մէջ։


7.3 աստիճանի երկրաշարժէն ետք տեղի ունեցած են 5 աստիճանի կամ աւելի ուժեղ քանի մը ցնցումներ, որոնցմէ մէկը, որ երկրաշարժէն 30 վայրկեան ետք տեղի ունեցած է, 6.3 աստիճանի ուժգնութեամբ եղած է:

Մայիս 12ի երկրաշարժներուն կիզակէտը Քաթմանտուէն 80 քիլոմեթր հիւսիսարեւելք էր, իսկ Ապրիլ 25ի երկրաշարժի կեդրոնը՝ Քաթմանտուէն հիւսիսարեւմուտք էր:


comments

Advertisement