Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները աւելի աշխոյժ երկխօսութիւն կ՛ուզեն. Ուորլիք

By Asbarez | Thursday, 14 May 2015

0514warlick

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> -  Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման միջազգային միջնորդները կը ծրագրեն այցելել ղարաբաղեան հակամարտութեան տարածաշրջան, <<Նիուզ>>ի Ուաշինկթընի թղթակիցին յայտնեց ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ, դեսպան Ճէյմզ Ուորլիք:


Մեկնաբանելով անցեալ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ կայացած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ իր հանդիպումը, Ուորլիք նշեց, որ քննարկած են ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հնարաւոր ուղիները:


<<Մենք միշտ կ՛օգտագործենք թէ՛ նախագահ Սարգսեանի, եւ թէ նախագահ Ալիեւի, ինչպէս նաեւ, տարածաշրջան այցի ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի փաստացի իշխանութիւններուն հետ բանակցելու որեւէ հնարաւորութիւն>>, նշեց միջնորդը:


Ըստ անոր՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները բանակցութիւններու աշխուժացում կը փափաքին:

<<Նախագահներու հանդիպման թուականը տակաւին յստակեցուած չէ, սակայն երկու նախագահներն ալ երկխօսութիւնը աշխուժացնելու փափաք յայտնած են, եւ քանի որ միջնորդներու դերը բնականոն բանակցային գործընթաց ապահովելն է, մենք յառաջիկային պիտի այցելենք տարածաշրջան՝ նախագահներու հանդիպումը նախապատրաստելու համար>>, նշեց դեսպանը, նշելով, որ հակամարտութեան բոլոր կողմերը ներկայիս կ՛ուզեն հասնիլ խաղաղ կարգաւորման:

<<Այս հակամարտութիւնը արդէն շատ երկար տեւած է եւ բազմաթիւ կեանքեր խլած: Կ՛ուզենք, որ վերջ դրուի անոր>>, ամփոփեց ամերիկացի դիւանագէտը:

comments

Advertisement