Պաղեստին՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕի Անդամ

By Asbarez | Monday, 31 October 2011

ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31ին տեղի ունեցած քուէարկութեամբ մը, ԵՈՒՆԵՍՔՕի անդամ պետութիւնները Պաղեստինը ընդունեցին իբրեւ լիիրաւ անդամ, ինչ որ պիտի ամրապնդէ ՄԱԿի լիիրաւ անդամակցութեան պաղեստինեան ջանքերը։ ԵՈՒՆԵՍՔՕ դարձաւ ՄԱԿի առաջին կազմակերպութիւնը, որուն կ՛անդամակցի Պաղեստինը։ ԵՈՒՆԵՍՔՕի անդամ ընտրելու իրաւունք ունեցող 173 անդամ երկիրներէն 107ն թեր քուէարկեց, 14ը՝ դէմ, իսկ 52ը ձեռնպահ մնաց։ Դէմ քուէարկողներուն շարքին են Միացեալ Նահանգները, Գանատան, Գերմանիան եւ Իսրայէլը, իսկ թեր քուէարկողներու շարքին էին Ֆրանսա, Ռուսիա, Չինաստան, Պրազիլ, Հնդկաստան եւ Հարաւային Ափրիկէ: Ձեռնպահ մնացողներէն մէկն էր Բրիտանիան։

Միացեալ Նահանգներ նախապէս ազդարարած էր, որ պիտի դադրեցնէ կազմակերպութեան տրամադրուող օժանդակութիւնը, եթէ Պաղեստինի անդամակցութեան դիմումը վաւերացուի։

Նշենք, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը պիտի քննէ Պաղեստինը ՄԱԿի լիիրաւ անդամ դարձնելու հարցը։

comments

Advertisement