«Հըզպալլա» եւ Սուրիական բանակը հասած են Մուսայի բարձունքներուն

By Asbarez | Friday, 15 May 2015

0515qalamoun

ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Տէյլի Սթար>>, <<Ազդակ>>.- Լիբանանի <<Հըզպալլա>> կուսակցութեան զինեալներն ու սուրիական բանակը Հինգշաբթի, Մայիս 14ին սկսան իսլամ ծայրայեղական զինեալներէ <<մաքրքագործելու>> Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ գտնուող Քալամուտ շրջանի Մուսայի բարձունքներուն մօտակայ շրջանները։


Մուսայի բարձունքները, որոնք ռազմավարական առումով կը նկատուին Քալամունը հակակշիռի տակ առնելու ամէնէն կարեւոր դիրքերը եւ որոնք կը գտնուին ծովուն մակերեսէն 2580 մեթր բարձրութեան վրայ, մէկ օր առաջ անցած էին <<Հըզպալլա>>ի եւ Սուրիոյ հակակշիռին տակ:

Մուսայի բարձունքներուն վրայ <<Հըզպալլա>>ի դրօշակի ծածանումէն ետք, ահաբեկիչ զինեալները փախուստ տուած են այդ շրջաններէն՝ ուղղուելով դէպի Արսալի բարձունքները:

Միւս կողմէ, <<Ճապհաթ Նուսրա>>ի եւ ինքզինք <<Իսլամական պետութիւն>> կոչող ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալները Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող Ուատի Հմայտ եւ Աժրամ շրջաններուն մէջ իրարու դէմ զինեալ բախումներ ունեցած են եւ երկու խմբաւորումներու շարքերուն մէջ արձանագրուած են մեծ թիւով զոհեր եւ վիրաւորներ:

Նշենք, որ լիբանանեան բանակն ու գաղտնի սպասարկութիւնը ամբողջ Լիբանանի տարածքին կատարեցին ներխուժումներ եւ խստացուցին ապահովական իրենց միջոցառումները՝ ձերբակալելով մեծ թիւով սուրիացիներ, որոնք Լիբանանի մէջ կը շրջէին կեղծ փաստաթուղթերով կամ առանց անձնաթուղթի:


comments