Եւրոխորհրդարանը քաղաքական բանտարկեալները ազատ արձակելու կոչ կ՛ընէ Պաքուին

By Asbarez | Friday, 15 May 2015

0515ep


ՊԱՔՈՒ - Ատրպէյճանական <<Քոնթաքթ>>լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Եւրոխորհրդարանը Ատրպէյճանի իշխանութեանց կոչ ուղղած է ազատ արձակելու բոլոր քաղաքական բանտարկեալները, մինչեւ Եւրոպական ամառնային խաղերուն սկիզբը:


Եւրոխորհրդարանը յայտարարած է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է պաշտպանեն իրենց երկրի քաղաքացիներուն իրաւունքները եւ ազատութիւնները, որոնք նախատեսուած են Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ուխտով եւ ՄԱԿի Մարդկային իրաւունքներու հռչակագիրով:


Եւրոպական խորհրդարանը կը պատրաստուի Յունիսին կատարուելիք իր հերթական նիստին ընթացքին Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու հետ կապուած իրավիճակին մասին բանաձեւ որդեգրելու:


Մինչ այդ, խորհրդարանի անդամները կը պահանջեն ազատ արձակել քաղաքական բանտարկեալներու ցանկին վրայ ներառուած լրագրողները, իրաւապաշտպանները եւ քաղաքական գործիչները:


comments