Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով մեծ Խաչ՝ ծովուն յատակը

By Asbarez | Friday, 15 May 2015

0000MEDITERRENIAN

 

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին ու Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ <<Օքթոփըս Թիմ>> ջրասուզման ակումբին, Կիրակի, 10 Մայիսի առաւօտեան, <<Կրին Պիչ, Ժունիէ>>ի մէջ տեղի ունեցաւ ծովու յատակին խաչի տեղադրման արարողութիւն, նուիրուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին:


Արդարեւ, <<Օքթոփըս Թիմ>> ջրասուզման ակումբի հիմնադիր Անդրանիկ Սողոմոն Հատտատ (Տեմիրճեան), որ ծագումով հայ է, յայտնեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով ուզած է յիշատակելի բան մը նախաձեռնել եւ իր գործին համազօր որոշած է ծովուն յատակը խաչ մը կանգնեցնել, որպէսզի անիկա զբօսաշրջութեան կեդրոն ըլլայ եւ բոլոր սուզորդները տեսնեն զայն ու իմանան հայոց պատմութիւնը:

Ձեռնարկին ներկայ էին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան, Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ հայր Ապտօ Ապու Քասմ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անդամներ, Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ռեմոն Խաթթարի ներկայացուցիչ Իպրահիմ Խուրի, գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժեր, Լիբանանեան կարմիր խաչը, դերասաններ, լրագրողներ եւ հիւրեր:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, <<Օքթոփըս Թիմ>> ջրասուզման ակումբի ձեռնարկներու հանդիսավար Ճօ Խայրալլա բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յայտնեց, որ սոյն հաւաքը կը միտի վերանորոգել մեր խոստումը հայ եւ լիբանանցի նահատակներուն, ինչպէս նաեւ ասորիներու, քաղդէացիներու ու լիբանանեան բանակի նահատակներուն նկատմամբ:

Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ ուրախութիւն յայտնեց սոյն իւրայատուկ առիթին ներկայ գտնուելուն համար: Ան նկատել տուաւ, որ հայ ազգը յատուկ է իր պզտիկ հայրենիքով, իր մշակոյթով, իր արժէքներով եւ գոյատեւելու պայքարով: Դեսպան Քոչարեան յայտնեց, որ Հայաստան բազմիցս կորսնցուցած է իր անկախութիւնը, որովհետեւ զոհ դարձած է բազմաթիւ երկիրներու քաղաքական եւ կրօնական վէճերուն՝ աւելցնելով, որ մեր պատմութիւնը յատուկ է, որովհետեւ միշտ պայքարած ենք գոյատեւման, ինչպէս նաեւ մեր արժէքներու պահպանման համար:
Այնուհետեւ <<Օքթոփըս Թիմ>> ջրասուզման ակումբի հիմնադիր Անդրանիկ Հատտատի զաւակները՝ Սթեֆանի, Վանեսսա եւ Նաթաշա Հատտատներ մեկնաբանեցին <<Ատանայի ողբը>> երգը:

Ապա ջրասուզման ակումբի հիմնադիր Անդրանիկ Հատտատ խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին սոյն նախաձեռնութեան իրականացման:

Անդրադառնալով ծովու յատակը խաչի տեղադրման՝ ան բացատրեց, թէ Շաբաթ օր իրենց ակումբի անդամներէն խումբ մը իջնելով 35 մեթր ծովուն յատակը, տեղադրած է 5 մեթր երկարութիւն ունեցող Լիբանանի եւ Հայաստանի դրօշակները, եւ խաչը պիտի տեղադրուի անոնց մէջտեղը: Ան յայտնեց, որ ներկաները յատուկ նաւերով կրնան ընկերանալ իրենց:

Այնուհետեւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը յատուկ արարողութեամբ օրհնեց եւ օծեց խաչը: Ան նկատել տուաւ, որ շատ լաւ նախաձեռնութիւն մըն է ծովու յատակը խաչի տեղադրումը, որովհետեւ այս արարքով կը յիշատակենք նաեւ ծովուն մէջ մեռած նահատակները:

 

comments

Advertisement