Հալէպի մէջ վերջին շրջանին իրավիճակը հանգիստ է

By Asbarez | Monday, 18 May 2015

ՀԱԼԷՊ, <<Եռագոյն>> - Հայաշատ Հալէպի մէջ արդէն մէկ շաբաթէ աւելի իրավիճակը հանգիստ է: Այս մասին <<Արմէնփրես>>ին յայտնած է Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի խօսնակ Ժիրայր Ռէյիսեանը` աւելցնելով, որ հայաշատ թաղամասերուն մէջ միջադէպեր չեն արձանագրուած:

<<Փխրուն կայունութիւն է, մաղթենք, որ իրավիճակը չբարդանայ>>, նշած է Ռեյիսեան:

Ինչ կը վերաբերի ելեկտրականութեան, Ռէյիսեան նշած է, որ օրուան ընթացքին մէկ­երկու ժամ կու գայ, մնացած ժամերուն քաղաքը խաւարի մէջ է: Իսկ համացանց ընդհանրապէս չի գործեր քաղաքին մէջ, որու  արեւմտեան թաղամասերը կը գտնուին Սուրիոյ կառավարական ուժերու, իսկ արեւելեան թաղամասերը` զինուած խմբաւորումներու հսկողութեան տակ:


comments