Թրքական բանակը վար առաւ Սուրիական անօդաչու թռչող սարք մը

By Asbarez | Tuesday, 19 May 2015

0519drone

 

ԱՆԳԱՐԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու, անդրադառնալով Շաբաթ օր շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութեան, որ թրքական օդուժը Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ վար առած է սուրիական օդանաւ կամ ուղղաթիռ մը՝ Մայիս 17ին յայտնեց, որ թրքական երկու <<Էֆ. 16>> տիպի ռազմական օդանաւեր թռիչք առած են Ատանայէն, երբ տեղեկութիւն ստացած են, որ <<սուրիական ուղղաթիռ մը>> խախտած է թրքական օդային սահմանը, եւ հակառակ զգուշացումներուն՝ 7 քիլոմեթր խորացած նշեալ օդային տարածքին մէջ:


Ըստ Տաւութօղլուի՝ թրքական օդանաւերը երկու հրթիռով Ալեքսանտրեթ քաղաքի սահմանամերձ օդային տարածքին մէջ <<ամբողջովին ոչնչացուցած են>> սուրիական ուղղաթիռը:

<<Սուրիական կողմէն որեւէ հակազդեցութիւն չեղաւ, եւ մենք ամենայն խստութեամբ պիտի հակադարձենք անոր կողմէ որեւէ հակազդեցութեան>>, ըսաւ Տաւութօղլու:

Իր կարգին, սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հերքեց նշեալ լուրը՝ նշելով, որ վար առնուածը տեղեկահաւաք կատարող անօդաչու թռչող սարք մըն էր:

 


comments

Advertisement