Թուրքիոյ քրտամէտ կուսակցական գրասենեակներ՝ յարձակումներու թիրախ

By Asbarez | Tuesday, 19 May 2015

0519HDP

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Յառաջիկայ ամիս կայանալիք Թուրքիոյ ընտրութեանց սեմին, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Ատանայի եւ Մերսինի կեդրոնները ականահարուեցան անցնող շաբաթավերջին, պատճառելով վեց վիրաւորներ, որոնց երեքին վիճակը ծանր է:


<<Մերսինի եւ Ատանայի մէջ իրականացուած յարձակումներու քաղաքական պատասխանատուութիւնը, բացի Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանէն եւ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուէն, կը կրեն նաեւ Թուրքիոյի իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամները: Յունիս 7ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, մեր կուսակցութեան դէմ ուղղուած յարձակումները կ՛աճին: Մինչեւ այսօր 60 վայրերու մէջ մեր շէնքերու, մեր անդամներու, մեր կամաւորներու, ներառեալ գլխաւոր կեդրոնին դէմ, իրականացուած են յարձակումներ>>, նշուած է այս մասին հրատարակուած քրտամէտ կուսակցական յայտարարութեան մէջ:


comments

Advertisement