«Իսլամական Պետութիւն»ը գրաւեց Փալմիրը

By Asbarez | Friday, 22 May 2015

Aerial file photo taken in January 2009 of the ancient and modern (in the background) Palmyra in Syria. Islamic State (IS) militants in Syria have entered the Unesco World Heritage site of Palmyra after seizing the town next to the ancient ruins. IS has previously demolished ancient sites in Iraq that pre-date Islam. Photo by Christophe Charon/Sipa USA

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, <<Ռոյթըրզ>> - Մայիս 20-21 լուսցող գիշերուան ընթացքին, <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական խմբաւորումը գրաւեց սուրիական հնադարեան Փալմիր քաղաքը, ուր գտնուող սուրիական բանակի զինուորներ վերջին քանի մը շաբաթներուն դէմ կը դնէին պատմական արժէք ներկայացնող հնութիւններ քանդելը սովորութեան վերածած իսլամ ծայրայեղականներու յառաջխաղացքին:

Սուրիոյ հնագիտական հարստութեանց պատասխանատուն, որ Մայիս 20ին կոչ ըրած էր միջազգային համայնքին՝ նպաստելու պատմական Փալմիր քաղաքը պաշտպանելու ջանքերուն, Մայիս 21ին տեղեկացուց, թէ կարելի եղած է քաղաքի թանգարանէն կարեւորագոյն հնութիւնները Դամասկոս փոխադրել։


ԵՈՒՆԵՍՔՕ եւս Մայիս 21ին մտահոգութիւն յայտնեց այս իրադարձութեան գծով, կոչ ընելով միջազգային համայնքին, որ քաղաքակրթութեան հնագոյն եւ ամէնէն արժէքաւոր կառոյցներէն մէկուն ամբողջական քանդումին դէմ կենայ, <<որովհետեւ անիկա ամբողջ մարդկութեան կը պատկանի եւ անոր քանդումը ոչ միայն պատերազմական ոճիր մը, այլ նաեւ մարդկութեան համար մեծ կորուստ մը պիտի ըլլայ>>։


Միւս կողմէ, այս շաբթուան ընթացքին երկրորդ անգամն ըլլալով հրթիռներ ինկած են Դամասկոսի ռուսական դեսպանատան մօտերը, առնուազն մէկ զոհ խլելով եւ վիրաւորելով երեք ուրիշներ։ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը դատապարտած էր Երեքշաբթի օրուան յարձակումը, որ միայն նիւթական վնասներ պատճառած էր։

 

comments

Advertisement