Իրաքի եւ Սուրիոյ տագնապներուն նուիրուած միջազգային ժողով Յունիս 2ին

By Asbarez | Friday, 22 May 2015

0522Le-Foll

 

ՓԱՐԻԶ, <<Ա.Էֆ.Փէ.>> - Ֆրանսայի կառավարութեան բանբեր Սթեֆան Լը Ֆոլ յայտնեց, որ Յունիս 2ին Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ Իրաքի եւ Սուրիոյ տագնապներուն շուրջ միջազգային ժողով մը:


<<Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս նախարարաց խորհուրդի նիստի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Փարիզի մէջ Սուրիոյ եւ Իրաքի ընդհանուր կացութեան շուրջ ժողով մը պիտի կայանայ>>, ըսաւ Լը Ֆոլ՝ աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի պիտի մասնակցի ժողովին:


Սեպտեմբեր 2014ին, Փարիզի մէջ գումարուած էր նման ժողով մը, որուն մասնակցած էին 30 երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Ժողովը գումարուած էր <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պայքարելու ռազմավարութիւն մը ճշդելու նպատակով: Աւելի քան 60 երկիրներ մաս կազմեցին այս պայքարին եւ աւելի քան տասը երկիրներ կը շարունակեն մասնակցիլ նշեալ ահաբեկչական կազմակերպութեան դիրքերուն դէմ օդային հարուածներուն:

 


comments