Փալմիրի թանգարանին մէջ շարք մը հնադարեան արձաններ քանդուած են

By Asbarez | Wednesday, 27 May 2015

0527Palmyra

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, <<Ռոյթըրզ>> - Սուրիոյ հնութիւններու եւ թանգարաններու ընդհանուր տնօրէն Մամուն Ապտելքարիմ յայտնեց, որ <<Իսլամական պետութեան>> զինեալները մուտք գործած են կեդրոնական Սուրիոյ մէջ գտնուող հնադարեան Փալմիր քաղաքի թանգարանը եւ քանդած են շարք մը արձաններ:


Ան նշած է, որ քանդուած արձանները կրկնօրինակներ են, որոնք կրթական նպատակներու համար կ՛օգտագործուին: Ան նաեւ նշեց, որ զինեալները 13րդ դարուն կառուցուած եւ հնադարեան հնութիւններուն հսկող իսլամական բերդին վրայ բարձրացուցած են <<Իսլամական պետութեան>> դրօշակը:


comments

Advertisement