By Asbarez | Wednesday, 27 May 2015
ԴԱՄԱՍԿՈՍ - Ասորական զինուորական խորհուրդի եւ քրտական Ժողովրդային պաշտպանութեան ջոկատները ազատագրեցին Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ գտնուող ասորական գիւղերը՝ փախուստի մատնելով <<Իսլամական պետութիւն>> կոչուող ահաբեկչական խմբաւորման զինեալները:
Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու բանբեր Փոլաթ Ճան յայտնեց, որ քիւրտ զինեալները յաջողած են ամբողջութեամբ ազատագրել Թել Թամր, Ճապալ Ապտըլազիզ եւ Խապուրի գիւղերը՝ աւելցնելով, որ Թել Թամրէն դէպի արեւելք մինչեւ Հասաքէ եւ Թել Թամրէն դէպի հարաւ մինչեւ Ճապալ Ապտելազիզ, արեւմուտքէն մինչեւ Ալիա գիւղ, իսկ հիւսիսարեւմուտքէն մինչեւ Թել Թամր եւ Մանաճիր տարածուող շրջանը ամբողջութեամբ ազատագրուած է։
Ասորի գիւղերու ազատագրութեան համար տեղի ունեցած բախումներուն մասնակցած են ասորի զինեալներ, իրենց կողքին ունենալով քիւրտ երկսեռ զինեալներ՝ մարդկային մեծ կորուստներ պատճառելով <<Իսլամական պետութեան>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ