Էրտողան-«Նիւ Եորք Թայմզ» բանավէճը կը շարունակուի

By Asbarez | Tuesday, 02 June 2015

Turkish President Tayyip Erdogan (R) and his wife Emine Erdogan greet supporters as they arrive at a ceremony to mark the 562nd anniversary of the conquest of the city by the Ottoman Turks, in Istanbul, Turkey, May 30, 2015. REUTERS/Murad Sezer

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Շաբաթ, Մայիս 30ի յետմիջօրէին, Պոլիս քաղաքը ապրեցաւ երկու հսկայական հանրահաւաքներ, որոնց կը մասնակցէին հաւանաբար Թուրքիոյ ամէն կողմէ յատկապէս ժամանած հազարաւորներ։ Առաջինը Պոլսոյ գրաւման 562րդ տարեդարձին առթիւ Ենիգաբուի մէջ կազմակերպուած հանրահաւաքն էր, որուն ղեկավարներն էին նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան ու վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու, իսկ երկրորդը՝ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հանրահաւաքը։ Ընդդիմադիր այս կուսակցութեան նկատմամբ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը շատ զգայուն դարձած է։
Պոլսոյ գրաւման տարեդարձին առիթով իր ըրած բուռն ճառախօսութեան մէջ, Էրտողան դարձեալ յարձակեցաւ <<Նիւ Եորք Թայմզ>> թերթին վրայ ու զայն <<քուրջի կտոր>> որակեց։


Ինչպէս յայտնի է, քանի մը օրէ ի վեր Էրտողանի ու ամերիկեան այս ազդու թերթին միջեւ բանավէճ կայ։ Էրտողան կը պնդէ, որ այս թերթը իր ատելութիւնը կը դրսեւորէ թուրքերու ու անոնց ընդմէջէն իր անձին նկատմամբ։


<<<<Նիւ Եորք Թայմզ>> անուն քուրջի կտոր մը կայ։ Այս թերթը անցեալները դարձեալ մեր մասին հրատարակութիւն ըրաւ։ Թուրքիոյ վերեւ սեւ ամպեր կան եղեր։ Այս թերթը իր հիմա ըսածներուն ճիշդ նմանները 1896ին սուլթան Ապտուլ Համիտի մասին ալ գրած էր։ Այս թերթը ինչ ատելութիւն, որ դրսեւորեց օսմանեան պետութեան նկատմամբ, նոյնը կը դրսեւորէ հիմա մեզի ու ինծի նկատմամբ։ Միշտ նոյն գիծի վրայ է, որեւէ փոփոխութիւն չկայ>>, ըսաւ նախագահ Էրտողան։
Էրտողանի ճառախօսութեան աւարտին ամպիոնին առջեւ շարուեցան թրքական 16 պետութիւնները խորհրդանշող զինուորներ, իրենց պատմական տարազներով, ու Էրտողան անոնց առջեւէն տողանցք մը ըրաւ, ապա ներկայ գտնուեցաւ նետահարութեան մրցումին։

<<ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ>>  ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՑ ԷՐՏՈՂԱՆԻՆ

<<Նիւ Եորք Թայմզ>> թերթը պատասխանեց Էրտողանի կողմէ այդ թերթին հասցէին ուղղուած քննադատութիւններուն։ Թերթը հրատարակեց յօդուած մը, որ կը խօսի Թուրքիոյ մամուլի կամ օտար մամուլի ուղղուած քննադատութիւններուն մասին եւ հեգնական ոճով կը գրէ, որ կը թուի, թէ Էրտողան այս շաբաթ ստանձնած է նոր ու անպաշտօն պարտականութիւն մը, որն է՝ Թուրքիոյ մամուլի աւագ քննադատ։ Ռապըրթ Մեքի ստորագրութեամբ հրատարակուած յօդուածին մէջ կը նշուի, որ Էրտողան շարունակ կը քննադատէ <<Նիւ Եորք Թայմզ>> թերթը եւ նոյնիսկ թերթին աշխատակիցները <<վճարովի խամաճիկներ>> որակած է։
Ան կը յիշէ, թէ Էրտողան պատժական միջոցներ առնել տուած է <<Հիւրրիյէթ>> թերթին դէմ, անտեղի կերպով ջղայնանալով Եգիպտոսի անկեալ նախագահ Մուրսիի մասին անոր գործածած մէկ վերնագիրէն։ <<Հիւրրիյէթ>> գրած էր, որ Մուրսի 2012ին 52 տոկոս քուէով նախագահ ընտրուած ըլլալով հանդերձ, ներկայիս մահուան դատապարտուած է։ Էրտողան, որ նմանապէս 52 տոկոսով նախագահ ընտրուած է, այս խորագիրը իրեն ուղղեալ սպառնալիք մը նկատած էր։
Կիրակի օր, Էրտողան <<Թուրքիոյ մամուլի աւագ քննադատ>>ը ըլլալու մասին Մեքի պնդումը հաստատող քայլով մը, խոստացաւ պատժել այն լրագրողը, որ բացայայտած էր այն լուրը, թէ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը մեղսակից է Սուրիոյ մէջ կռուող ահաբեկիչներու զինումին։

 


comments