By Asbarez | Tuesday, 02 June 2015
ԼՈՆՏՈՆ - Արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրներ արաբական <<Հայա>>չ թերթին յայտնած են, որ արեւմտեան պետութիւններ ճնշում կը բանեցնեն, որ <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պայքարող միջազգային դաշինքին անդամները իրենց օդային հարուածները ընդարձակեն, արգելք հանդիսանալու համար, որ <<Իսլամական պետութիւն>>ը գրաւէ Հալէպ քաղաքը: Անոնք ճնշում կը բանեցնեն, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման համոզեն, որ Թուրքիոյ մէջ մարզուած սուրիական ընդդիմադիր զինեալներու առաջին ճակատը ըլլայ Հալէպի գիւղական շրջանը:
Աղբիւրները կը նշեն, որ <<Հալէպը պաշտպանելու>> հարցը վերստին քննարկման սեղանին վրայ յայտնուած է բազմաթիւ պատճառներով, որոնցմէ է՝ Հալէպի հակակառավարական <<Ճէյշ Ֆաթհ>> խմբաւորման պառակտուած ըլլալը, Հալէպէն սուրիական վարչակարգի վտարումէն ետք իրավիճակին շուրջ համաձայնութեան չգոյութիւնը եւ քաոսային վիճակի ստեղծման հաւանականութիւնը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ