Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին հարցը տակաւին չէ փակուած Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ

By Asbarez | Tuesday, 02 June 2015

 

0602ambmorell


ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի հարցը տակաւին չէ փակուած խորհրդարանին մէջ: 1 Յունիսին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Ռայնըր Մորել:


Ան յիշեցուցած է, որ 24 Ապրիլին կայացած նիստին ցեղասպանութիւն եզրը օգտագործած է Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Նորպերթ Լամերթը:


Պատգամաւորները հասարակ յայտարար չեն կրցած գոյացնել, այդ պատճառով ալ բանաձեւը ուղարկուած է արտաքին կապերու յանձնաժողով, ուր կը քննարկուի ներկայիս։


Նշենք, որ Իշխող Քրիստոնէական միութիւն եւ Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութիւններուն կողմէ ներկայացուցած միացեալ նախագիծին վերնագիրին մէջ տեղ գտած է <<ցեղասպանութիւն>> բառը: Սակայն արտաքին գործոց նախարարութեան եւ խորհրդարանի կուսակցական խումբերու միջամտութեան պատճառով եզրը հանուած է վերնագիրէն, սակայն պահուած է հիմնաւորման բաժինին մէջ:


comments

Advertisement