Թուրքիա կրնայ միլիոնաւոր Եուրոյի հատուցում վճարել Յունական կղզիի բնակիչներուն

By Asbarez | Wednesday, 03 June 2015

0603imroz

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>>.- <<Թարաֆ>> թերթը կը տեղեկացնէ, որ Եւրոպական մարդու իրաւունքներու ատեանը (ԵՄԻԱ) Թուրքիան դատապարտեց Եգէականի յունական Իմրոզ կղզիին (նոր անունը՝ Կէօքճէատա) մէջ յոյներու պատկանող կալուածները բռնագրաւած ըլլալու մեղադրանքով։ Թուրքիա, որպէս պետական քաղաքականութիւն, տասնեակ հազարաւոր յոյներու ստացուածքը փոխանցած էր պետական գանձին։ Բայց այդ յոյներէն մէկը՝ Էֆթալիա Փսեֆթելի, այս գծով դատ բացած էր Թուրքիոյ դէմ, եւ երբ թրքական այդ դատէն արդիւնք չէ ստացած, 2005ին դիմած էր ԵՄԻԱին։ Երկար տարիներ ետք, ԵՄԻԱ կրցաւ որոշումի մը յանգիլ եւ Թուրքիան մեղադրեց ապօրինի կերպով կալուած բռնագրաւելու յանցանքով։


Առայժմ որոշումը այսքան է։ Աւելի ուշ, դատարանը պիտի որոշէ, թէ Թուրքիա պէտք է վերադարձնէ՞ կալուածը կամ թէ անոր համար հատուցում վճարէ։
Փաստաբան Էրհան Փեքճէ, որ Կէօքճէատայի մէջ նմանօրինակ բազմաթիւ կալուածներու համար բացուած դատերը կը հետապնդէ, <<Թարաֆ>> թերթին յայտնած է, որ ասիկա անկիւնադարձ մըն է եւ այս դատը կրնայ օրինակ ծառայել միւս դատերուն համար ու Թուրքիա կրնայ միլիոնաւոր եուրոյի հատուցում վճարելու պարտադրուիլ բռնագրաւուած ստացուածքներու տէրերուն։


Աթէնքի մէջ հիմնուած Իմրոզցիներու միութեան փոխնախագահ Քոսթա Քրիսթոֆորիտիս ըսած է, որ կողմնակից չէ հատուցման գաղափարին։ Ան ըսած է, որ իրենք պիտի պահանջեն, որ կալուածները վերադարձուին, որովհետեւ այդ կալուածները իրենց պապերէն մնացած են եւ անոնցմէ թանկագին յիշատակներ ունին։


comments