Ռուսիա-Ամերիկա յարաբերութիւնները աստիճանաբար կը բարելաւուին. Լաւրով

By Asbarez | Friday, 05 June 2015

 

0604lavrov

 

ՄՈՍԿՈՒԱ - <<Իթար-Թասս>> կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով <<Պլումպըրկ>> պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնները աստիճանաբար կը բարելաւուին։
Ան նշած է, որ նախագահներ Պարաք Օպամա եւ Վլատիմիր Փութին յաճախ հաղորդակցութեան մէջ են: <<Մենք կը համագործակցինք հոն, ուր մեր շահերը կը համընկնին>>, ըսած է ան, յուսալով, որ բնական յարաբերութիւններու վերադարձը մօտալուտ կ՛ըլլայ։

 


comments

Advertisement