Պաքուի Խաղերու մասնակիցներուն կոչ կ՛ըլլայ բողոքել մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներուն դէմ

By Asbarez | Saturday, 06 June 2015

0606azr

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Պաքուի մէջ կայանալիք Եւրոպական խաղերու սեմին, ՄԱԿի մարդկային իրաւունքներու հարցերով յատուկ զեկուցող Միշել Ֆորսթ, մամլոյ ազատութեան հարցերով ԵԱՀԿի ներկայացուցիչ Տունիա Միաթովիչ եւ Եւրոխորհուրդի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատար Նիլզ Մուժինեքս յատուկ յայտարարութիւն մը տարածած են՝ նշելով, որ <<մարզանքը չի կրնար անտեսել մարդկային իրաւունքները>>:


Եւրոխորհուրդի պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ, մարդկային իրաւունքներու յանձնակատարները յոյս յայտնած են, որ Յունիս 12ին սկսող խաղերուն մասնակից 6000 մարզիկները իրենց ձայնը կը բարձրացնեն ընդդէմ Ատրպէյճանի մարդկային իրաւունքներու նահանջող իրավիճակին: <<Վերջին տարիներուն եւ մասնաւորապէս վերջին 12 ամսուան ընթացքին, այլախոհութիւնը չափազանց վտանգաւոր դարձած է Ատրպէյճանի մէջ: Մեծ թիւով լրագրողներ եւ իրաւապաշտպաններ հսկայական ճնշման տակ են եւ կորսնցուցած են իրենց ազատութիւնը՝ քննադատութիւններու հանդէպ անհանդուրժող քաղաքական համակարգին պարտադրած պայմաններուն պատճառով>>, ըսուած է յայտարարութեան մէջ:


Անոնք նշած են, որ բռնութիւններու այս ալիքը կը տարածուի նաեւ օտարներու վրայ, քանի որ շատ մը արտասահմանեան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւս զգացած են հետապնդումներու եւ սպառնալիքներու այն հոսքը, որ կու գայ ատրպէյճանական կառավարութենէն: <<Ժամանակն է դադրեցնել այս հալածանքը, եւ հոս՝ մարզանքը կրնայ օգնել: Նուազագոյնը, մարզիկները պէտք է տեղեակ ըլլան երկրի ընկերաքաղաքական իրավիճակին: Անոնք կրնան բարձրաձայնել իրենց մտահոգութիւնները՝ տեղի մարզիկներուն մօտ եւ նոյնիսկ իրենց հեղինակութիւնը կրնան օգտագործել՝ աջակցելու բոլոր անոնց, որոնք անարդարութեան զոհ են: Յոյս ունինք, որ անոնք ճիշդ ընտրանքը կը կատարեն եւ լաւապէս կ՛օգտագործեն խաղերու ոգին՝ օգնելու վերացնել բռնութիւններու միտումը անոնց հանդէպ, որոնք մարդկային իրաւունքները պաշտպանելէ բացի ոչինչ ըրած են>>, նշուած յայտարարութեան եզրափակիչ մասին մէջ, ակնարկելով Պաքուի անհիմն ամբաստանութեանց, որոնց օգտագործումը կը բանտարկէ այլախոհները:

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀՆ
ՈՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՊԻՏԻ
ՉՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՊԱՔՈՒԻ
ԽԱՂԵՐՈՒ ԲԱՑՄԱՆ
ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Պաքուի մէջ կայանալիք Եւրոպական խաղերու բացման արարողութեան ներկայ պիտի չըլլան ո՛չ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը, ո՛չ նախագահ Եոաքիմ Կաուքը եւ ոչ ալ կառավարութեան որեւէ անդամ:


Ըստ գերմանական մամուլին, խաղերուն Գերմանիոյ մարզական հարցերու նախարարը պիտի ներկայացնէ նախարարութեան խօսնակը. մամուլը նաեւ լուսարձակի տակ կ՛առնէ Ատրպէյճանի կողմէ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներու, լրագրողներու եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտ-պաններու հալածանքը:

 

comments